ՍՕ Խաչի 100-ամեակին Նուիրուած Տօնական Համերգ Հալէպի Մէջ

Սփիւռք

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ տօնական համերգ մը, նուիրուած ՍՕ Խաչի 100-ամեակին։

Հանդիսավարուհի Հուրի Տիլպէրեան հանդիսութեան բացումը կատարելով, յայտարարեց թէ կրկին անգամ Գէորգ Եսայեան սրահի վարագոյրը կը բացուի ու մենք կը լսենք բազմաթիւ երգեր, բազմերանգ խաղերով, այլափոխուած սրահի մթնոլորտով, բարեզարդուած հայ մայրերու արուեստը բուրող ասեղնագործութիւններով։

Ապա բեմ հրաւիրեց ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամ Սեդա Կէրկէրեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ ներկայիս Հալէպը համեմատաբար աւելի բնականոն պայմաններ կ’ապրի ու աւելի հանգիստ ապագայի մը հեռանկարը կը զգացուի։ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, սեւ աշխատանքի այս մեծ Միութիւնը, շարունակելով իր կենսունակ ու բազմաճիւղ գործունէութիւնը, կազմակերպած է անմոռաց երգերու այս համերգը նուիրուած՝ իր ծննդեան 100-ամեակին, նպատակ ունենալով քաջալերել նորահաս երիտասարդ տաղանդները եւ ապրիլ մեր մեծերու կերտած փառքը, յատկապէս ներկայիս՝ երբ դասական երգն ու երաժշտութիւնը նոր սերունդին համար դարձած են անմերձենալի։
Այնուհետեւ տիկին Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի մասնագիտական ցուցմունքներով ձայնամարզութեան հետեւող տաղանդաւոր մեր երիտասարդները հանդէս եկան հայ թէ օտար, դասական եւ ժողովրդական երգերով։


Ձայնամարզութեան դասընթացքի հետեւող երաժշտասէր այս երիտասարդները նոր փորձառութիւն մը ձեռք բերին։


Այս առթիւ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հայ երգարուեստի սպասարկու տիկին Գայիանէին, որ մեր օրերուն, թէ՛ երգչախումբերու, թէ՛ ձայնամարզութեան ոլորտներուն մէջ երիտասարդ ուժեր պատրաստելով նոր որակով ու ճաշակով օժտեց մշակութային մեր կեանքը։


Աւարտին, խմբավար տիկին Գայիանէ շնորհակալութիւն յայտնեց ՍՕ Խաչին, դիտել տալով, որ ան որպէս մայրութիւնը խորհրդանըշող կազմակերպութիւն, քաջալեր հանդիսացաւ իրեն եւ երիտասարդ երաժշտասէրներուն։


Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Էտկար Յովհաննէսեանի «Երեւան Էրեբունի» խմբերգով, նուագակցութեամբ աւարտական դասարանի շրջանաւարտ Յովհաննէս Օհանեանի, ներկաներու յոտնկայս մասնակցութեամբ։ 


Այնուհետեւ արժանապատիւ Տէր Յուսիկ Աւագ Քհնյ.Սեդրակեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, գնահատելով Հայաստանի Անկախութեան տօնի նախօրէին նման համերգի մը կազմակերպումը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի «Մշակոյթը՝ Ճանապարհ Յաղթանակի» խօսքով, կրկին յուշելով, որ Հալէպը կը շնչէ եւ կը գոյատեւէ իր մշակոյթով եւս։


Համերգը փակուեցաւ Տէր Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւն