Համազգային Թատրոնի Տնօրէն Ընտրուեցաւ Արման Նաւասարդեանը
Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնի տնօրէն ընտրուած է թատրոնի դերասան եւ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արման Նաւասարդեան: Ընտրութիւնը տեղի ունեցած Մայիս 30-ին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մէջ:
Նաւասարդեանէն բացի, մրցոյթին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած էր թատրոնի դերասան Ստեփան Ղամբարեանը, սակայն վերջինս տեղեկացուցած է, որ որոշ խնդիրներ յառաջացած են, եւ ինք մրցոյթին չի կրնար մասնակցիլ։
