Կառավարութիւնը Կ՛առաջարկէ «Պատիւ Ունիմ» Ծրագրի Նուազագոյն Ժամկէտը 3-էն Դարձնել 2 Տարի

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ պայմանագրային զինուորական ծառայութեան ընդունուելու տարիքային շեմը 36-էն դարձնել 40 տարեկան, հազուագիւտ մասնագիտութիւններու պարագային՝ 45: Կ՛առաջարկուի կրճատել նաեւ «Պատիւ ունիմ» ծրագրի նուազագոյն ժամկէտը` 3 տարիէն դարձնելով 2 տարի: «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը ԱԺ լիագումար նիստին ներկայացուց ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան:

«Նախագիծի քանի մը յօդուածներով կը ճշդուին պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն անցնելու ժամկէտները: Կը վերականգնուի նախապէս գործող պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն ընդունուելու տարիքը` 36-էն դառնալով 40 տարեկան: Յանձնաժողովին մէջ քննարկման ժամանակ լրացում կատարուած է, առաջարկուած է հազուագիւտ մասնագիտութիւններու գծով սահմանել 45 տարին: Կը նախատեսուի նաեւ քաղաքացիի պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատելու դիմումը կառավարութեան լիազօրուած պետական մարմնի կողմէ մերժելու հնարաւորութիւնը՝ կառավարութեան կողմէ սահմանուած կարգով նշուած պարագաներուն: Այս նախագիծով նաեւ կ՛առաջակուի, որ այսօր գործող «Պատիւ ունիմ» ծրագրի նուազագոյն 3 տարի ժամկէտը կրճատուի մինչեւ 2 տարի»,- ներկայացուց Բալայեան:

Նախագիծով կ՛առաջարկուի նաեւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանող բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք զինապարտ են, տրամադրել տարկէտում մինչեւ ուսումնառութեան աւարտը: Նախագիծով կը նախատեսուի, որ միաժամանակ զօրակոչուող եղբայրներու կողմէ նոյն զօրամասին մէջ ծառայութեան նշանակուելու ցանկութեան պարագային վիճակահանութեան մասնակցի միայն մէկ եղբայրը: Իսկ ծառայութեան մէջ գտնուող եղբայր ունեցող զօրակոչիկը եղբօր ծառայութեան վայր կրնայ նշանակուիլ, եթէ կը բաւարարէ տուեալ զօրամասին մէջ ծառայութեան նշանակուելու պայմաններուն: Իսկ նախագիծի 10-րդ յօդուածի համաձայն` պատերազմական ժամանակի հաստիքներուն կցագրուած քաղաքացիներու հետ հաստիքով նախատեսուած պարտականութիւններու ներգրաւման պայմանագրի ժամկէտը կը սահմանուի 1 տարի` գործող 3 ամսուան փոխարէն, խօսքը գործող պահեստազօրի մասին է: Իսկ սպաներու համար սահմանուած մատչելի եւ երկարաժամկէտ հիփոթեքային վարկաւորման ծրագրին մէջ ընդգրկուելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի նաեւ աւագ ենթասպայական կազմի զինծառայողներուն: Նախագիծով կը ճշդուին նաեւ մարտական գործողութիւններու մասնակիցի կարգավիճակ տալու ընթացակարգը:

«Նախագիծի 14-րդ յօդուածին համաձայն` զինծառայողներու բնակարանային ապահովութեան իրաւունքի շրջանակներուն մէջ կը վերցուի առկայ թերկարգաւորումը, քանի որ բնակարանային ապահովութիւնը կ՛ընդգրկէ ոչ միայն սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարանի տրամադրումը, այլ նաեւ անհատոյց պետական ֆինանսական աջակցութիւնը եւ տնամերձ հողամասով ապահովման ձեւերը»,-եզրափակած է Բալայեան: