Այսօր Համբարձման Տօն է
Հայաստանեայց առաքելական սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող Հինգշաբթին: Այս տարի ան կը զուգադիպի Մայիս 30-ին։
«Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ’եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը:
Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ. ԺԶ. 19-20, Ղուկ. ԻԴ. 50-53, Գործք Ա. 9-11): Ս. Յարութեան մեծ եւ հրաշափառ դէպքէն յետոյ անցած էին քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին յարուցեալ Տէրը խորհրդաւոր կերպով, բայց միշտ մարդկային կերպարանքով բազմիցս երեւեցաւ վշտաբեկ եւ յուսահատ իր աշակերտներուն` զանոնք վերահաստատելով իրենց առաքելական կոչման եւ հաւատքի մէջ: Յարուցեալ Քրիստոս այդ 40 օրերու ընթացքին շարունակեց քարոզել` երեւելով իր աշակերտներուն: Իր հանդիպումներու ժամանակ Ան միշտ կը խօսէր երկնքի արքայութեան մասին, կը յուսադրէր, կը քաջալերէր եւ կը մխիթարէր, որպէսզի Իր` երկինք երթալուն պատճառով չտրտմին: Տէր Յիսուս անոնց մէջ սերմանեց նաեւ համբերութիւն եւ արիութիւն. համբերութիւն` յոյսով սպասելու զԱյն` նախապէս տուած խոստումին իրագործման, եւ արիութիւն` ընդդէմ գալիք փորձութիւններու, որպէսզի կարողանան աներկիւղ քարոզել Աւետարանը:
Հին ատեն Համբարձումի տօնակատարութիւնները կը սկսէին չորեքշաբթի: Կիները այդ օրը կը կոչէին Ծաղկամօր կիրակի: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախուստ տալով կ՛ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, զայն կը գտնէ քարանձաւին մէջ եւ կը սպաննէ: Մահանալէն առաջ աղջիկը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկի եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին. այդպէս ալ կ՛ըլլայ, եւ այդ քարանձաւը կը դառնայ ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մնայուն կերպով ջուր կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ, որ անոնք Վարվառէ կոյսին արցունքներն են:
Համբարձումին նաեւ կը կատարուի վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Ջուրով լեցուն կուժի կամ ամանի մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը ճերմակ զգեստ կը հանգնի, կը վերցնէ կուժը եւ կը շրջի տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուի: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ՛ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ՛ըլլայ առարկային տիրոջ:
