
Արթուր Ալեքսանեան Ոսկէ Մետալ Նուաճած է Ղազախստանի Մէջ
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ոլիմպիական խաղերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան յաղթած է Ղազախստանի միջազգային մրցաշարին:
97 քկ․ դասակարգին մէջ Ալեքսանեան եզրափակիչին մրցած է ռուս Ալքսանդր Կոլովինի հետ եւ յաղթած անոր:
2018 Դեկտեմբերէն ի վեր Ալեքսանեանի առաջին անգամ կը մասնակցի միջազգային մրցաշարի։ Ողիմպիական ախոյեանը այս ընթացքին կը բուժուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հայաստանի միւս երկու ներկայացուցիչները` Արթուր Շահինեան եւ Արմէն Մելիքեան պարտուած են պրոնզէ մետալի համար մրցումին: