Այսպիսի Գեղեցկութիւն Կարելի է Տեսնել Միայն Մեր Դիրքերուն Մէջ. Տիգրան Աբրահամեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ լուսանկարներ տեղադրած է դիրքերէն առնուած եւ գրած.

«Մարդ կ՛երթայ դիրքեր, բացի անկէ, որ հաճոյք կը ստանայ մեր զինծառայողներու հետ շփումներէն, նաեւ գեղեցիկ ծաղկանոցները կը վայելէ:

«Այսպիսի գեղեցկութիւն, մաքրութիւն կարելի է տեսնել միայն մեր դիրքերուն մէջ»: