ՀՅԴ Նախաձեռնած Գիտաժողովը` Անկախ, Միացեալ Հայաստանի Թեմայով

Հայաստան

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգայի ակադեմիայի մէջ սկիզբ առաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի նախաձեռնած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան` 1919 թ. մայիս 28-ի ակտը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիտաժողովը, որ նուիրուած է անկախ, միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակին:  Գիտաժողովը նպատակ ունի քննարկելու հրչակագրի պատմական կարեւորութիւնը, հասկնալու  անոր քաղաքական նշանակութիւնը, հեռանկարները եւ այլն:

1919-ի Մայիս 28-ին` Հայաստանի անկախութեան առաջին տարեդարձի օրը, պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Հայաստանի երկու մասերու միաւորման եւ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը: 1919-ի Մայիս 28-ի «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան յայտարարման ակտը» Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ետք նորանկախ հայոց պետականութեան միջազգային-իրաւական կարգավիճակը յստակեցուցած ամենակարեւոր փաստաթուղթն է: Ան եղած է ու կը մնայ Դաշնակցութեան ծրագիրներուն մէջ: Ատիկա անհրաժեշտ ու կարեւոր քայլը էր` Հայաստանը միացած յայտարարած էր իր երկու մասերը, որովհետեւ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդը մեծ հատուցում կը պահանջէր, եւ ատիկա պէտք է ըլլար կորուսեալ հողերու վերադարձը օրինական տիրոջը: Դեռեւս Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն ետք Փարիզ մեկնող ՀՀ պատուիրակութեան հրահանգ տուած էր Խաղաղութեան վեհաժողովին պաշտպանել Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը: Հայաստանի խորհրդայանցումով ազգային բոլոր ծրագիրները մեռան, սակայն Հայաստանի անկախացումով ժողովուրդը թօթափեց կապանքները եւ վերադարձաւ իր պայքարին: Արցախի ազատագրումը Միացեալ Հայաստանի առաջին քայլը եղաւ: Միացեալ Հայաստանի հռչակումէն ամիսներ անց առաջին անգամ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովը, ուր ընդունուեցաւ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ծրագրային վերջնանպատակը: