
Ատրպէյճան Եւ Վրաստան Կը Մասնակցին Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցող Ռազմափորձերուն
Թուրքիոյ մէջ ընթացք առած են «Էրճիես-2019» ռազմափորձերը:
Կեսարիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմափորձերուն կը մասնակցին Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Փաքիստանը: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, կը հաղորդէ «Օքսու» կայքը:
Ատրպէյճան այս օրերուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մօտ տեղի ունեցող «Անատոլու Անքասը 2019» ռազմափորձերուն, որոնց կը մասնակցին նաեւ Վրաստանի, Քաթարի, Փաքիստանի, Ռումանիոյ եւ Իտալիոյ օդուժները: