
ՈՒԵՖԱ-ն Նման Իրավիճակներու Ժամանակ Պէտք է Աւելին Ընէ. Իռլանտայի Արդարադատութեան Նախարարը՝ Մխիթարեանի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակին Մասին
Իռլանտայի արդարադատութեան եւ հաւասարութեան նախարար Չառլի Ֆլենական անդրադարձած է «Արսենալ»-ի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Իռլանտայի արդարադատութեան նախարարը Tweeter-ի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Շատ ցաւալի է, երբ կը բախին մարմնակրթութիւնն ու քաղաքականութիւնը, քանի որ Հենրիխ Մխիթարեանը որոշած է չերթալ Ատրպէյճան՝ Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչին՝ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով: ՈՒԵՖԱ-ն պէտք է աւելին ընէ նման իրավիճակներու ժամանակ վախերը ցրելու եւ պաշտպանութիւն ապահովելու համար»:
Նշենք, որ Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչ հանդիպումը պիտի կայանայ Պաքուի մէջ, Մայիս 29-ին: Եզրափակիչ խաղին իրարու դէմ պիտի մրցին Լոնտոնը ներկայացնող երկու ակումբները՝ «Արսենալ»-ը եւ «Չելսի»-ն: «Արսենալ»-ը պաշտօնապէս հաստատած է, որ Հենրիխ Մխիթարեանը խումբին հետ Պաքու չի մեկնիր եւ չի մասնակցիր Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչին: