
Հայաստան Եւրոպական Միութենէն 25 Միլիոն Եուրօ Յաւելեալ Աջակցութիւն Կը Ստանայ
Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Չորեքշաբթի, 22 Մայիսին ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի Հարեւանութեան հարցերու գլխաւոր տնօրէնութեան Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելոռուսի եւ Արեւելեան գործընկերութեան հարցերու բաժինի ղեկավար Վասիլիս Մարակոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքի:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարկման ճանապարհային քարտէսի մշակման ամփոփման ընթացքը եւ անդրադարձած իր գլխաւորած միջգերատեսչական յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Մհեր Գրիգորեան անդրադարձած է նաեւ արդարադատութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան ծրագրած բարեփոխումներուն:
Վասիլիս Մարաքոս ներկայացուցած է այցելութեան ընդլայնուած օրակարգը եւ նպատակը, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանին, որ Եւրոպական Միութիւնը 2019-ի տարեկան գործողութիւններու ծրագիրի ծիրին մէջ, Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը աւելցուցած է 25 միլիոն եուրոյով, ընդհանուր աջակցութեան գումարը հասցնելով 65 միլիոնի, որ 2018-ի տարեկան գործողութիւններու ծրագիրով նախատեսուած գումարէն 29 միլիոն եուրոյի չափով աւելի է: Աւելցուած գումարը պիտի ուղղուի Հայաստանի առանցքային ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման գործին: