
«Հայաստանը Ցոյց Տուաւ, Որ Տրամադիր Չէ Իր Ժողովուրդը Խաղաղութեան Նախապատրաստելու». Պաքու
Երեքշաբթի օր յայտնի դարձաւ, որ, Արսենալի որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի կիսապաշտպան, անգլիական խումբի անդամ Հենրիխ Մխիթարեան պիտի չմեկնի Պաքու:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այս հարցով, կը մեղադրէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Վկայակոչելով «Հաքքին» կայքը՝ «Ազդակ» կը հաղորդէ, թէ նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա յայտարարած է, թէ Հայաստան Մխիթարեանը կ՛օգտագործէ իր սադրիչ նպատակներուն համար:
«Ցաւօք, այդ քայլերը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ Հայաստան տրամադիր չէ իր ժողովուրդը խաղաղութեան նախապատրաստելուն, ինչպէս կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն մէջ»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ Ատրպէյճան անվտանգութեան երաշխիքներ ներկայացուցած է:
Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մէկ օր առաջ այդ նիւթին անդրադառնալով, Ատրպէյճանը մեղադրած էր ցեղապաշտութեամբ: