Զինծառայողներու Աշխատավարձերը Յուլիսի 1-էն Պիտի Բարձրանան

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին որոշում տրուեցաւ զինծառայողներու վարձատրութեան չափերը Յուլիս 1-էն բարձրացնել միջինը 10%-ով:

«Համահաւասարեցում կ՛իրականացուի յաւելումներու մասով` բարձրագոյն սպայական, կրտսեր ենթասպայական եւ շարքային կազմերու միջեւ: Այդպիսով` Զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետը եւ պայմանագրային շարքայինը մօտաւորապէս կը ստանան հաւասարաչափ յաւելում»,- ըսած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

 Ան աւելցուցած է, որ կրտսեր ենթասպայական եւ շարքային կազմերու աշխատավարձերը կը բարձրանան միջինը 18%-ով, իսկ այն զինծառայողները, որոնք իրենց ծառայութիւնը իրականացնեն առանձնայատուկ պայմաններու մէջ, կը ստանան աւելի բարձր յաւելավճար: