Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մէջ

Սփիւռք

Յառաջիկայ Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ ապա Անկախութեան յուշակոթողին առջեւ պիտի կատարուի հանդիսաւոր հոգեհանգիստ՝ Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու յիշատակին:

Եկեղեցական արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն՝ Ս. Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան առիթով:

Սիրով կը հրաւիրուի հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, աղօթելու Սարդարապատի հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար, եւ լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ