
Հայաստան Առաջին Անգամ Մասնակցեցաւ VivaTech Միջազգային Ցուցահանդէսին
Փարիզի Փորթ տը Վերսայի Parc des expositions-ին մէջ Մայիս 16-էն 18 տեղի ունեցաւ արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու VivaTech 2019 միջազգային ցուցահանդէսը:
Այս տարի, առաջին անգամն ըլլալով ներկայ էր նաեւ Հայաստանի տաղաւարը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մայիս 16ին: Ժապաւէնը կտրեցին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: Աւելի վերջ, տաղաւարին միացաւ նաեւ ՀՀ փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեան: Հայկական տաղաւարը անուանուած էր Inspiring Armenia («Ներշնչող Հայաստան»): ՀՀ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութիւնը վայելած այս նախաձեռնութեան իրագործումը կարելի դարձաւ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի, HyeTech Europe-ի, Ֆրանսահայ միջարհեստավարժական համախմբման (G2IA) եւ անոնց գործընկերներուն միասնաբար տարած ջանքերուն շնորհիւ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան զանազան մարզերու մէջ մասնագիտացած հայկական (Հայաստանէն, նաեւ Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն) խոստմնալից բազմաթիւ start-up-եր:
Այս երեք օրերուն ընթացքին՝ հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցան նաեւ հանդիպումներ հանրածանօթ անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս՝ ճատրակի ախոյեան Կարի Գասպարովի, համացանցի «հայր»երէն համարուող Լուի Փուզէնի, ԹՈՒՄՕ-ի նախագահուհի Մարի-Լու Փափազեանի, ծանօթ երաժիշտ եւ Muzeek start-up-ի հիմնադիր Անտրէ Մանուկեանի հետ եւ այլն:
2019-ին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ 17,700 աշխատանք եւ կը կազմէ Հայաստանի ՀՆԱ-ին (PIB) 5.2 տոկոսը, 2017-ի բաղդատած՝ արձանագրած ըլլալով 28 տոկոս աճ: