Կաննի Փառատօնին Կայացած Է Շառլ Ազնաւուրի Մասին Վաւերագրական Ֆիլմին Շնորհանդէսը

Աշխարհ, Սփիւռք

Շառլ Ազնաւուրի կեանքին մասին վաւերագրական ֆիլմ մը ներկայացուցած են Կաննի փառատօնին, որ այս օրերուն կ՝ընթանայ Ֆրանսայի Լազուրէ ափին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Շառլ: Յատուկ հայեացք» ժապաւէնին շնորհանդէսը կայացած է ռուսական տաղաւարին մէջ, որ «Ռոսկինօ»-ի կողմէ կազմակերպուած էր փառատօնի տարածքին։

Ֆիլմի արտադրողներ իբրեւ հանդէս եկած են Շառլ տէ Մոն, Միշա Ազնաւուրը, Սերգէյ Սարգիսովը, իսկ բեմադրիչ՝ Մարք տի Տոմենիգոն: Հիւրերուն ու լրագրողներուն ցուցադրած են պատկերներ, որոնք իր իսկ կողմէ պատկերուած են անոր հիւրախաղերուն, ճամբորդութիւններու, արտիստներու եւ իրեն հարազատ մարդկոց հետ շփման ընթացքին: «Ռոսկինօ»-ի մամուլի ծառայութեան կողմէ կը նշուի, որ «քիչերուն յայտնի էր ֆրանսացի շանսոնիէի այս հրապուրանքին մասին. Ազնաւուրը բառացիօրէն չէր բաժնուէր տեսախցիկէն՝ նկարահանելով զինք, իր մերձաւորներու, արտիստներու հետ զրոյցները»:

«Ազնաւուրի ընտանիքին արխիւէն նիւթը աւելի շուտ ներկայացուած չէր հանրութեան»,- նշած են «Ռոսկինօ»-ի կողմէ:

Ֆիլմին համար երաժշտութիւնը ընտրուած Է 50-ական թուականներէն մինչեւ մեր ժամանակները ինկած շրջանին եղած ձայնագրութիւններէն: Շարժանկարին մէջ տեղ գտած են Ազնաւուրի ինչպէս ծանօթ երգերը, այնպէս ալ լայն հանրութեան քիչ յայտնի ստեղծագործութիւններ:

«Ազնաւուրի կեանքի տարբեր պահերու, անոր ստեղծագործութիւններու եւ երգերու հետ կապուած ֆիլմը կը կրէ ռոմանթիկ բնոյթ,- նշած են «Ռոսկինօ»-ի կողմէ: «Ատիկա վէպ է կեանքի, մանկութեան, ճանապարհորդութիւններու, հանդիպումներու, անյաջողութիւններու, յաջողութիւններու, ուրախութիւններու, թախիծի, վախերու, արիութեան ու, նախեւառաջ, սիրոյ մասին»,- հաղորդած է TASS-ը։