
Երեւանի Մեթրոյի Բոլոր կայարաններուն Մէջ Կը Հնչեն Շառլ Ազնաւուրի Երգերը
Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան օրը Երեւանի Մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ կը հնչեն Ազնաւուրի երգերը:
Այս մասին յայտնած է «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Երեւանի Մետրոպոլիտէն»ի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեանը:
«Այսօր 07:00-23:00-ն Երեւանի մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ պիտի հնչեն Ազնաւուրի երգերը»,- նշած է ան:
Մայիս 22-ին կը լրանայ Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակը: