
Այսօրուան Հայաստանի Մէջ Հնարաւոր Չեն Դաւաճանական Գործողութիւններ. Դաւիթ Տօնոյեան
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կը բացառէ որոշ ուժերու կամ գործիչներու կողմէ Հայաստանի նկատմամբ դաւաճանական գործողութիւններու հնարաւորութիւնը, որուն մասին յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Մայիս 20-ին կառավարութեան խորհրդակցական նիստի ընթացքին:
Մայիս 21-ին, Վանաձորի մէջ, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, նախարարը ըսած է. «Որպէս պաշտպանութեան նախարար, ես թոյլ չեմ տար, որ այդպիսի բան ըլլայ: Այսօրուան Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ դաւաճանական գործողութիւններ: Եւ բոլոր գործողութիւնները պիտի չէզոքացուին նոյն սկզբնաղբիւրէն»:
Ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան մասին հարցին նախարարը արձագանգած է. «Ռազմական գործողութիւնները հնարաւոր է, որ իրականացուին տարբեր պատճառներով: Հնարաւոր է»:
Պաշտպանութեան նախարարը Վանաձորի մէջ կը մասնակցէր բնակարանամուտի արարողութեան: Շահագործման յանձնուեցաւ նախարարութեան միջոցներով վերակառուցուած քառայարկ բնակելի շէնքը, որ կիսաքանդ վիճակի մէջ էր խորհրդային տարիներէն ի վեր: Վանաձորի զօրամասերէն մէկուն 48 սպաներ պիտի ապրին բարեկարգ պայմաններու մէջ: Շէնքի վերակառուցման վրայ նախարարութիւնը ծախսած է 320 միլիոն դրամ:
Նախարարը շեշտած է, որ Յուլիս 1-էն սկսեալ 10 տոկոսով պիտի բարձրանայ զինուորներու աշխատավարձը: Պահուստային հիմնադրամէն 5.7 միլիառ դրամ յատկացուած է զինուորական կենսաթոշակառուներու բնակարանային կարիքները հոգալու համար: