Կը Բացառեմ, Որ ՀՀ Իշխանութիւններու Հետ Մենք Ունենանք Լարուածութիւն. Բակօ Սահակեան
Երկուշաբթի, Մայիս 20-ին, «Իմ Քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան հրաւէրով Ազգային ժողովի շէնքին մէջ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան խմբակցութեան պատգամաւորներու հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր: Հանդիպումէն ետք Սահակեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ լարուածութիւն Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ, Բակօ Սահակեան պատասխանեց. «Այդ լարուածութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններուն մէջ արհեստական մաս կը տեսնեմ: Կը բացառեմ, որ մենք ունենանք այդպիսի լարուածութիւն: Իսկ եթէ կ՛առաջանան նման պահեր, մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընելու եւ շրջանցելու այդ ամէնը»:
Ազգային ժողովի շէնք մտնելէ առաջ, նախագահ Սահակեան զրուցեց լրագրողներու հետ եւ անոնց յայտնեց, որ իր եւ Արկադի Ղուկասեանի երաշխաւորութիւնը Ռոպերթ Քոչարեանի համար լրացուցիչ լարուածութիւն ստեղծելու նպատակ չէր հետապնդեր:
Ըստ Սահակեանի՝ այդ քայլին նպատակը լարուածութիւնը թուլացնել էր: Ան նշեց, որ իրենց միջնորդութիւնը ուղղուած չէր Հայաստանի դատական գործընթացը կասկածի տակ դնելուն:
Սահակեան լրագրողներու խնդրանքով անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մայիս 20-ի ելոյթին, որուն մէջ ան նշած էր, որ կան ուժեր, որոնք տարաձայնութիւններ, հակասութիւններ եւ նոյնիսկ թշնամանք կը փորձեն հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ:
«Եթէ կան այդպիսի գործիչներ եւ այդպիսի ուժեր, ապա մենք պարտաւոր ենք բացայայտել, եթէ կան այդպիսի նպատակներ, ապա ես ալ կ՛որակեմ դաւաճանութիւն: Ամէն պարագային՝ ես չունիմ այդպիսի տեղեկութիւն, որ կան այդպիսի գործիչներ, որոնք կը նախապատրաստեն դաւաճանական գործողութիւններ»,- ըսաւ Սահակեան:
