
Կարօ Փայլան Հանդիպած է «Կրօնափոխ Եղած» Հայ Տղային
Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հանդիպած է 13-ամեայ Արթուրին, որուն փորձած էին կրօնափոխ ընել:
Պատգամաւորը գրածէ, որ Արթուրը լաւ է:
«Միշտ իր քով պիտի ըլլամ: Զինք հնարաւորինս պիտի պաշտպանեմ չարութեանց դէմ»,-գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնը դատական հայց ներկայացուցած է Մայիս 11-ին ATV հեռուստաընկերութեամբ հեռարձակուող հաղորդման ժամանակ Արթուր անունով հայ պատանին «կրօնափոխ ըրած» իսլամի քարոզիչ, հաղորդավար Նիհաթ Հաթիփօղլուի դէմ:
Կազիանթեփի Իսլամագիտութեան եւ արհեստագիտութեան համալսարանի տնօրէն, աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլու իր հեղինակային հաղորդման ժամանակ Պոլսոյ Սուլթանհամեթ հրապարակէն ուղիղ եթերով յայտարարած էր, որ 13 տարեկան հայ տղան կը ցանկայ փոխել կրօնն ու իսլամութիւնը ընդունիլ: