Աշխատանքով Ապահովելու Ծրագիրին Մէջ Պիտի Ընդգրկուին Նաեւ Սուրիահայեր

Հայաստան

«World vision Armenia”-ն կը յայտարարէ սուրիահայերուն, տեղացիներուն եւ տեղահանուած ու հակամարտութենէ տուժած անձերու աշխատանքով ապահովելու ծրագիրի մեկնարկի մասին:

Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած անձիք պիտի մասնակցին արհեստագիտական եւ մասնագիտական դասընթացներու:

Գործատուներու հետ համաձայնութեան շնորհիւ,  մասնակիցներէն պիտի ընտրուին իւրաքանչիւր թափուր աշխատատեղի համար ամենայարմար թեկնածուները եւ պիտի տեղաւորուին աշխատանքի:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ աշխատանք գտնելու ցանկութիւն ունեցող անձիք, որոնք պատրաստակամութիւն ունին  մասնակցելու անհրաժեշտ վերապատրաստման դասընթացներուն:

Դիմումներու վերջնաժամկէտը Յունիս 30-ն է:

Ծրագիրին դիմելու համար անհրաժեշտ է լրացնել հարցաթերթիկը, այցելելով` այստեղ` https://bit.ly/2w9THk1, եւ ուղարկել հետեւեալ ել. հասցէին`garen_kabrjian@wvi.org կամ ներկայացնել «Վորլտ Վիժն Հայաստան» ազգային գրասենեակ (հասցէ` ք. Երեւան, Ռոմանոս Մելիքեան 1):

Ծրագիրի ու դիմումներու մասին հարցեր ունենալու պարագային զանգահարէք Կարէն Քաբրջեանին` 095-005836 հեռախօսահամարով: