ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Ընդունած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 20-ին Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցի ժամանակ այցելած է ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի (Armenian National Committee of America) կեդրոնատեղի եւ հանդիպած կազմակերպութեան ղեկավար կազմին հետ, կը տեղեկացնեն ՀՀ Անվտանգութեան խոհուրդէն:

Հանդիպման սկիզբը քարտուղար Գրիգորեան ներկայացուցած է իր աշխատանքային այցի մանրամասնութիւնները, տեղի ունեցած եւ նախատեսուող հանդիպումները, ձեռնարկները եւ արձանագրուած արդիւնքները: ԱՀԱԿ գործադիր տնօրէն Արամ Համպարեան ներկայացուցած է յանձնախումբի ներկայ աշխատանքները եւ նպատակները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացները եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:

Աւելի ուշ ԱԽ քարտուղարը հանդիպած է «Ամերիկայի Հայկական Համագումար»ի (Armenian Assembly of Armenia) գործադիր տնօրէն Բրայեան Արտունի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու, ԱՄՆ հայկական համայնքին և սփիւռքի կառոյցներու հետ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր։