Մարդիկ Արգելափակած են ՀՀ Դատարաններուն Մուտքերը
Հետեւելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին՝ մարդիկ այսօր առաւօտէն արգելափակած են դատարաններու շէնքերուն մուտքերը:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ ժամը 8:30-էն արգելափակուած է, մասնաւորապէս, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Նոր Նորքի նստավայրին մուտքը: Այստեղ, յիշեցնենք, դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը Շաբաթ օր հրապարակեց իր որոշումը, որմով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ազատ արձակուեցաւ կալանքէն՝ անձնական երաշխաւորութեան դիմաց:
Քաղաքացիները փակած են դատարանի շէնքին բոլոր մուտքերը, այնտեղ նաեւ մեքենաներ կան կայանուած: Նպատակն է՝ չարտօնել դատաւորներուն եւ դատարանի աշխատակիցներուն մուտքը շէնք:
Ցուցարարներուն մէջ է նաեւ Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանը, որուն գործունէութիւնը վարչապետի հրամանով կասեցուած է: Սանասարեան յայտարարած էր, որ ասիկա յեղափոխութեան հերթական փուլն է՝ ուղղուած դատական համակարգի առողջացման: Ան չի դիտարկեր ասիկա իբրեւ իշխանութեան թեւերու միջամտութիւն միմեանց գործունէութեան:
Այնտեղ է նաեւ Ազգային ժողովի իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Կոնջորեանը, որ յայտարարած է, թէ այնտեղ է իբրեւ պատգամաւոր, որ կ՝ուզէ ըլլալ իր ընտրողներուն կողքին, քանի որ ընտրուած է այդ ընտրատարածքէն:
Ցուցարարներուն մէջ է նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խօսնակ Վահան Կոստանեանը: Ան նշած է, որ վարչապետի երեկուան ելոյթէն ետք քնարկում չէ եղած, թէ պիտի մասնակցի՞ն արդեօք բողոքի շարժման կուսակցութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք կը զբաղցնեն պետական պաշտօններ:
Քաղաքացիներուն թիւը դատարանի շէնքին դիմաց հետզհետէ կ՝աւելնայ: Ոստիկանութիւնը որեւէ կերպ չի խոչընդոտեր շարժման մասնակիցներուն գործողութիւնները, միայն կը փորձէ կարգաւորել փոխադրամիջոցներուն երթեւեկութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ այսօր ժամը 12:00-ին կառավարութեան մօտ հանդէս պիտի գայ դատաիրաւական համակարգին մէջ հաստատուած իրավիճակին մասին յայտարարութեամբ ու պիտի փորձէ տալ բոլոր հարցերուն պատասխանները:
