Լիբանանի Մէջ 98 Տարեկանին Վախճանեցաւ Մարոնիներու Նախկին Պատրիարքը
Մարոնիներու նախկին պատրիարք Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր վախճանած է Կիրակի առաւօտեան, 98 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Զարթօնք»-ը՝ վկայակոչելով լիբանանեան լրատուամիջոցները։
Մարոնիներու նստավայր Պքերքէն, նոյն օրը, տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ «եկեղեցին որբացած է եւ Լիբանանը սուգի մէջ է»: 2011-ին Սֆէյր պատրիարքին յաջորդած Պշարա Ռայ կոչ ըրած է երկրի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջելու՝ ի յիշատակ Սֆէյր պատրիարքի: Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ յիշատակի պատարագ՝ մասնակցութեամբ Սֆէյր պատրիարքի հարազատներուն։
Սֆէյր պատրարքը պիտի յուղարկաւորուի Պքերքէի մէջ, Հինգշաբթի, Մայիս 16-ին, կ.ե. ժամը 5-ին։
