Արամ Մանուկեանի Արձանին Մօտ Տեղադրուեցաւ Շուշիի Ազատագրման Գործողութեան Մանրակերտը

Հայաստան

 ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան նախաձեռնութեամբ,  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղադրուեցաւ մանրակերտ մը, որ կը ներկայացնէ Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը:

«Շուշին հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարներու բոլոր ժամանակներուն մէջ ունի առանձնայատուկ տեղ, թէկուզեւ անոր համար, որ բաւական երկար ժամանակահատուած ետք հայ ժողովուրդը վերջապէս յաջողեցաւ իսկապէս ռազմաքաղաքական մեծագոյն յաղթանակ տանիլ: Ատկէ ետք իսկապէս շրջադարձ եղաւ թէ՛ Արցախեան պատերազմին, թէ՛, ընդհանրապէս, մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ: Շուշին հիմքն էր մեր բոլոր յառաջիկայ մեծ յաղթանակներուն եւ յաջողութիւններուն»,- յայտնեց Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Թաթուլ Յարութիւնեան:

Ըստ Շուշիի առանձնակի գումարտակի ազատամարտիկ Անդրանիկ Ափոյեանի՝ Շուշիի ազատագրումը մեր յաղթանակներու եւ մեր ոգիի կայացման սկիզբն է:

«Սա մեծ յաղթանակ է ու մեր համախմբուածութեան միասնութեան խորհուրդը»,- նշեց  Ափոյեան:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի՝ Շուշիի ազատագրումը Արցախեան ազատամարտի ամենացցուն  յաղթանակն է եւ դարձած է ազատամարտի խորհրդանիշը:

«Ամէն անգամ, երբ Շուշի կ՛երթամ, կը տեսնեմ անոր անառիկութիւնը, թագաւորական դիրքը եւ հպարտ հայեացքը, ամէն վայրկեան ուղեղիս մէջ է՝ ինչպէ՞ս հնարաւոր էր կազմակերպել Շուշիի ազատագրումը, բայց երկրորդ վայրկեանին ունիմ համոզումը, որ ատիկա հնարաւոր դարձաւ մեր արդար կամքին, մեր հայրենիքին ու հողին նուիրուածութեան շնորհիւ»,- ըսաւ Գալստեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամ Տարօն Ղազարեան յայտնեց, որ նախաձեռնութեան նպատակը Շուշիի ազատագրման գործընթացը մեր հանրութեան ներկայացնելն է: