Ստեփանակերտի Մէջ Կ՝ընթանայ «Հայաստան-Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Ֆորումը (լուսանկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նախաձեռնութեամբ՝ ԱՀ Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ կ՝ընթանայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» խորագիրով ֆորում:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ֆորումի օրակարգով ընդգրկուած են Հայաստանի եւ Արցախի իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու մասին հարցերը:

Ֆորումին՝ բացման խօսքով հանդէս եկած է ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է ֆորումի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն՝ Ստեփանակերտի մէջ նման կարեւոր թեմայով ձեռնարկ մը իրականացներու համար:

«Անհնար է պատկերացնել Արցախը առանց Հայաստանի, եւ հակառակը՝ Մայր հայրենիքը առանց Արցախի: Հայկական միասնական տարածքի այս փոխկապակցուածութիւննէ, որ մեզ աւելի կը զօրաացնէ հայրենիքի մէջ, իսկ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ալ հաւատք կը ներշնչէ միահամուռ մեր ազգային նպատակներուն հասնելու ձգտումներուն նկատմամբ: Համատեղ գործելու անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն կենսական պահանջ է, այլ նաեւ հայկական երկու հանրապետութիւններուն մէջ համազգային համերաշխութիւն ու համաչափ զարգացումը ապահովելու, եւ մեր անվտանգութիւնը լաւագոյնս երաշխաւորելու կարեւոր միջոց: Պետականաշինութեան միեւնոյն ճանապարհը անցնելով՝ մենք շատ յաճախ առաջնորդուած ենք փորձի փոխանակմամբ, համատեղ քննարկումներու ընթացքին  ձեւաւորուող դիրքորոշումներու եւ տարբեր հարցերու շուրջ ընդհանուր տեսլական ունենալու գաղափարներով»,-մասնաւորապէս ըսած է Ա. Ղուլեան՝ ընդգծելով, որ ընթացող ֆորումը պիտի դառնայ այն ձեռնարկը, ուր համակողմանիօրէն քննութեան պիտի առնուին հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու պահանջն ու անոր իրագործման ժամկէտները:

Ըստ Ա. Ղուլեանի՝ անցեալ տարիներուն ընթացքին արտաքին մարտահրաւէրներով, աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային զարգացումներով պայմանաւորուած, եղած են ժամանակներ, երբ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը շատ մօտ էր իրականութիւն դառնալուն: Սակայն, առարկայական իրողութիւններէ մեկնած՝ առկայ մօտեցումները միշտ յանգած են այն բանին, որ դաշինքի կայացումը պէտք է ըլլայ խոր քննարկումներու արդիւնքի, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակէտներու եւ դիրքորոշումներու հետեւանք:

Ֆորումի նախագահ Վազգէն Մանուկեան, իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը, եւ նշած, որ Արցախի հարցը կը համախմբէ ողջ հայութիւնը:

«Արցախի վերաբերեալ իր որոշումները հայ ժողովուրդը ընդունած է խորհրդարանի որոշումներով, հանրաքուէներով, մեզի պարտադրուած պատերազմին դիմակայելով եւ յաղթելով: Նոր սերունդը իր որոշումը վերահաստատած է 2016 թուականին տեղի ունեցած ապրիլեան քառօրեային ժամանակ: Իշխանութիւնները պարտաւոր են մեր ժողովուրդին կամքը բանակցութիւններու միջոցով դարձնելու իրականութիւն: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը իրականացնելու համար պէտք է տարուին լուրջ աշխատանքներ: Մենք պէտք է աւելի բարձրացնենք մեր պետութեան տնտեսական համակարգը, բանակի մարտունակութիւնը, ձեռք բերենք նոր դաշնակիցներ՝ կանխելու համար պատերազմը: Արցախի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները պէտք է դնել իրաւական հիմքերու վրայ»,- աւելցուցած է Վ. Մանուկեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, խօսելով Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի մասին, ըսած է, որ այդ հարցը միշտ ալ եղած է օրակարգային:

«Մենք պէտք է լուրջ քայլեր ձեռնարկենք այս ուղղութեամբ, որն ալ անհրաժեշտ է մեր յետագայ խնդիրները համատեղ լուծելու համար: Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու միջեւ համապարփակ համագործակցութեան եւ փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման համար իրաւապայմանագրային հիմքեր ապահովելը հրամայական  անհրաժեշտութիւն է: Այս նպատակադրումը լիովին համահունչ է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն, եւ կը բխի արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ գործընթացով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներէն ու խնդիրներէն: Ակնյայտ է, որ մարդու տարրական իրաւունքները չեն կրնար շարունակաբար ոտնահարուիլ կամ անտեսուիլ, իսկ մարդասիրական ծրագրերը արգելափակել կամ կասեցուիլ միայն այն պատճառով, որ շուրջ 30 տարի է, ո

չէ յաջողուած կարգաւորել Արցախեան հակամարտութիւնը: ԱՀ-ի ամբողջ սերունդ մը զրկուած է տարրական օրինական իրաւունքները լիարժէք իրացնելու եւ միջազգային ծրագրերէն լիիրաւ օգտուելու հնարաւորութենէն: Այս անարդարութեան վերջ դնելը ոչ միայն Արցախի ժողովուրդի անքակտելի իրաւունքն է, այլեւ միջազգային հանրութեան եւ միջնորդ կողմերու հիմնական պարտաւորութիւնը: Ակնյայտ է նաեւ, որ ԱՀ-ի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած որեւէ ռազմական յարձակում կամ սպառնալիք միեւնոյն ժամանակ ուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Հետեւաբար, հայկական երկու պետութիւններուն համար միասնական անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգ ձեւաւորելը բնական եւ կենսական պահանջ է»,-աւելցուցած է Ա. Ռուստամեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, իր հերթին, ըսած է, որ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը անհրաժեշտութիւն  է:

Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Ճիշդ չէ ըսել, որ պէտք է յարմար պահերու սպասել, քանի որ ժամանկին առիթներ եղած են, որոնք չեն օգտգործուած: Եթէ դարձեալ սպասենք ուշ պիտի ըլլայ։ Մենք պէտք է ունենանք այն իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները, որոնք ի վերջոյ հնարաւորութիւն պիտի տան հայկական երկու պետութիւններու վերամիաւորման իրականացման: Այս քայլը ո՛չ միայն պիտի նպաստէ Արցախի մէջ բնակող մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, այլեւ՝ պիտի հիմնաւորէ շարք մը հարցեր»:

ԱՀ Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան՝ իրվրդովմունքը յայտնած է այն հարցին մասին, թէ ինչու մինչեւ այսօր ՀՀ-ը չէ զբաղած ԱՀ անկախութեան ճանաչման խնդիրով:

Ֆորումի ընթացքին պիտի ընդունուի հռչակագիր, կեանքի պիտի կոչուի կազմակերպիչ կոմիտէ, որ պէտք է կազմակերպէ համահայկական ստորագրահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի

Ֆորումին ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող գործիչներ, որմէ ետք հարցին շուրջ տեղի ունեցած  են քննարկումներ: