Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւնները Չեղեալ Յայտարարուած Են
Թուրքիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) Մայիս 6-ին որոշում տուած է Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւնները չեղարկելու վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, Յիշեցնենք, որ Մարտի 31-ին Թուրքիոյ մէջ կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններուն երկրի խոշոր քաղաքներուն Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն»ը (ԱԶԿ-AKP) պարտուած էր: Պոլսոյ մէջ յաղթած էր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւնը (ԺՀԿ-CHP): ԱԶԿ բողոքարկած էր Մարտ 31-ին կայացած Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն արդիւնքները
Թուրքիոյ ԿԸՅ-ն յայտարարած է նոր ընտրութիւններու օրը, որ Յունիս 23-ին է: Յաղթած ընդդիմադիր թեկնածու CHP-ական Էքրեմ Իմամօղլուն յայտնած է իր դժգոհութիւնն ու վրդովմունքը այս որոշումին առնչութեամբ: Իշխող կուսակցութեան պարտուած թեկնածու AKP-ական Պինալի Եըլտըրըմ, բնականաբար, գոհ է որոշումէն:
