Մայիսեան Տօներուն Նուիրուած` Ստեփանակերտի Մէջ Համերգ
Մայիս 6-ին, Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած Պարի միջազգային օրուան եւ Մայիսեան եռատօնին:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` հանդիսութեան ելոյթ ունեցան Ստեփանակերտի պարարուեստի քոլեճի տարբեր տարիքային խումբերու սաներ:
Իր խօսքին մէջ Արցախի վաստակաւոր արտիստ, նախաձեռնութեան հեղինակ Թաթիանա Միրզոյեան ըսաւ, որ համերգին առաջին անգամ ելոյթ կ՛ունենան նախապատրաստական խումբերու սաները, որոնք 4-էն մինչեւ 9 տարեկան երեխաներ են:
«Այսօր ներկայացուած բոլոր ելոյթները եղած են մեր սաներոը ստեղծագործական աշխատանքի արդիւնքը: Անոնք ամէն ինչ կազմակերպած են անձամբ: Եւ սա կարծես թէ ինքնուրոյն աշխատանքի յանձնում ըլլար:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ բոլոր սաներուն եւ նաեւ այստեղ ներկայ զինուորներուն, որոնց շնորհիւ կը կազմակերպենք տարաբնոյթ ձեռնարկներ: Համերգը նախատեսած էինք կազմակերպել Ապրիլ 29-ին` պարի միջազգային օրը, սակայն, որոշ հանգամանքներով բերումով, ան յետաձգուեցաւ»,- նշած է Միրզոյեան:
Համերգին ներկայ էին զինծառայողներ, քոլեճի սաներու ծնողներ, հիւրեր:

