ՀՀ Զինուած Ուժերու 1-ին Զօրամիաւորման Մէջ Տեղի Ունեցած է Հրասայլային Հրաձգութիւն

Հայաստան

ՀՀ զինուած ուժերու 1-ին զօրամիաւորման զօրամասերէն մէկուն մէջ դաշտային զօրավարժութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած է հրասայլային ծրագրուած հրաձգութիւն:

Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ կայքը:

Կը նշուի, որ վարժութիւնները կատարուած են զինծառայողներու գործնական հմտութիւնները եւ մասնագիտական պատրաստուածութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ վերջը նոյնպէս 1-ին զօրամիաւորումին մէջ տեղի ունեցած էին նաեւ հրետանային զօրավարժութիւն` մարտական հրաձգութեամբ: