Դոկտ. Քարին Մարքիտես՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նոր Տնօրէն
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը հաղորդէ, թէ հաստատութեան նոր տնօրէն նշանակուեցաւ դոկտ. Քարին Մարքիտես, որ պաշտօնը ստանձնեց վերջին հինգ տարիներուն այդ պաշտօնը վարած դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանէն։
Դոկտ. Մարքիտես, որ ընտրուեցաւ այդ պաշտօնին դիմած 60 թեկնածուներու խումբէն, նախապէս եղած է Շուէտի «Շալմերզ» համալսարանին տնօրէնը, կը շեշտէ համալսարանին տարբեր բաժանմունքներուն միջեւ համագործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Դոկտ. Մարքիտես նաեւ դասախօսած է «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորի կոչումը ստացած է Սթոքհոլմի համալսարանէն, 1984ին։ Ան նաեւ եղած է Ուփսալայի (Շուէտ) համալսարանի քիմիագիտութեան բաժանմունքի վարիչը ու ստանձնած է շարք մը այլ պաշտօններ։
