Բուրալի Մէջ Մեծ Տօնակատարութեամբ Նշուած է Սբ․ Գէորգի Ժողովրդական Տօնը

Սփիւռք

Ախալցխայի Բուրալ կոչուող վայրին մէջ, Մայիս 6-ին, կազմակերպուած էր մեծ տօնախմբութիւն նուիրուած Սբ․ Գէորգ զօրավարի ժողովրդական տօնին։ Տօնախմբութիւնը մեկնարկած է Սբ․ Գէորգի պատուին կանգնեցուած մատուռին մէջ տեղի ունեցած Պատարագէն ետք։ Տօնախմբութեան կազմակերպողը Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեանն էր։

Տօնախմբութեան ներկայ եղած է նաեւ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանը, Ախալցխայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Տէր Թորգոմ քահանայ Վարդանեանը, Նինոծմինդայի հոգեւոր հովիւ Տէր Արմաշ քահանայ Պողոսեանը եւ Պաթումիի հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ Գումբալեանը խումբ մը ուխտաւորներու հետ միասին։ Ժողովրդական տօնախմբութեան մասնակցած են մարդիկ Սամցխէ-Ջաւախքի տարբեր շրջաններէ։

Տօնախմբութեան ընթացքին Ախալցխայի կրթամշկութային կեդրոններու երգի ու պարի խումբերը հանդէս եկած են գեղեցիկ կատարումներով։ Համերգային ծրագիրը շարունակած են գիւղերու երգի ու պարի խմբակները։ Տօնախմբութեան մասնակցած է նաեւ Ասպինձայի շրջանի Դամալա գիւղի պարախումբը։

Համերգային մասէն բացի՝ ներկաներուն համար կազմակերպուած է մատաղ եւ հիւրասիրութիւն։