Բակօ Սահակեան եւ Արկադի Ղուկասեան Ռոպերթ Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու Խնդրանքով Դիմած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազին
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան դիմած են ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանին՝ Մայիս 9-ին ընդառաջ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու խնդրանքով: Այս մասին կը հաղորդեն Artsakhpress.am-է։
ՀՀ գլխաւոր դատախազին ուղղուած նամակին մէջ ըսուած է.
«Յարգելի՛ պարոն Դաւթեան, ինչպէս գիտէք, ամէն տարի Մայիս 9-ին Արցախի մէջ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի Յաղթանակի տօնը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրը։ Աւանդոյթի համաձայն՝ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ իրականացուող տօնակատարութիւններուն հիւր կը դառնան, ի թիւս այլ յարգարժան հիւրերու, Արցախի Հանրապետութեան բոլոր նախկին ղեկավարները, մարդիկ, որոնք իրենց հսկայական աւանդը ներդրած են Արցախեան պատերազմին, կանգնած եղած են մեր պետութեան եւ բանակի ստեղծման ակունքներուն մէջ, մասնակցած են Շուշիի ազատագրման, կերտած են մեր Յաղթանակը։
Հաշուի առնելով, որ Արցախի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորուած է, կը խնդրենք Ձեզ, Մայիս 9-ին ընդառաջ, կայացնել համապատասխան որոշում անոր խափանման միջոցը փոխելու մասին։
Մենք պատրաստ ենք հանդէս գալու ցանկացած հրապարակային երաշխիքով, որ անհրաժեշտ կ՝ըլլայ անոր՝ մեկուսարանէն ազատ արձակուելու եւ կայանալիք դատավարութեան ողջ ընթացքին ազատութեան մէջ ըլլալու համար։
Յոյսով ենք, որ Ձեր որոշումով հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէք, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան երեք ղեկավարներն ալ ներկայ գտնուին Մայիս 9-ի տօնակատարութիւններուն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, որ, վստահաբար, համերաշխութեան եւ միասնականութեան ազդակ պիտի դառնայ ո՛չ միայն մեր հասարակութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի ու նաեւ հակառակորդի համար։
Յարգանքով՝
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան
Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան»
