Քեսապի Էսկիւրան Գիւղը Հրթիռակոծուած է

Սփիւռք

Այսօր՝ Երկուշաբթի, 6 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Քեսապի Էսկիւրան գիւղը։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»-ի Քեսապի աղբիւրը։

Երեք հրթիռ ինկած է Էսկիւրան գիւղին մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած է քեսապցի երկու հայ։ Վիրաւորները անմիջապէս տեղափոխուած են Լաթաքիոյ հիւանդանոց։ Անոնց առողջական վիճակը կայուն է։