
Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւնը Կրնայ 5-6 Ամիս Տեւել
Տարբեր տեղեկութիւններու համաձայն՝ հաւանական է, որ Պոլսոյ նահանգապետարանէն պատրիարքի ընտրութիւններու արտօնութիւնը տրուի մէկ շաբթուան ընթացքին:
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագրապետ Բագրատ Էսդուգեան News.am-ին յայտնած է, որ 25 Ապրիլին, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ ժողով մը գումարուեցաւ եւ որոշուեցաւ, որ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը շարունակուի փոխանորդի՝ Արամ արք. Աթէշեանի ղեկավարութեամբ: Յաջորդ օրը դիմումը ուղարկուեցաւ նահանգապետարան՝ ընտրութեան արտօնութիւն ստանալու համար: Նահանգապետարանը խնդրագիրը պիտի փոխանցէ Անգարայի:
Ըստ Էսդուգեանի՝ արտօնութիւնը ստանալէ ետք պիտի կազմուի կարգադիր յանձնախումբ մը:
«Պատասխանը ստանալէն ետք պիտի կազմուի կարգադիր յանձնախումբ, որ նահանգապետարան պիտի դիմէ վաւերացման համար եւ նամակներ պէտք է ուղարկուի տարբեր եպիսկոպոսներու, որոնք ի վիճակի են եւ կը փափաքին թեկնածու ըլլալ: Ստացուած պատասխաններուն հիման վրայ արդէն կը սկսի ընտրարշաւը»,- ըսած է Էսդուգեան:
Ըստ «Ակօս»ի խմբագիրին՝ տարբեր խումբեր պատրիարքի իրենց թեկնածուն ունին. «Կան Արամ Աթէշեանը ուզողներ. Սահակ եպս. Մաշալեանը, Սեպուհ արք. Չուլճեանը ուզողներ ալ կան: Պատրիարքի ընտրութիւնը 5-6 ամիս կրնայ տեւել: 1-2 ամիսէն թեկնածուներու անունները աւելի յստակ կը դառնան»,- նշած է ան:
Էսդուգեան բարձր գնահատած է Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի յաջողութեան հաւանականութիւնը. «Սեպուհ արք. Չուլճեան հռետոր է, տպաւորիչ են անոր ճառերը»,- նշած է Էսդուգեան: