Շուէտի Խորհրդարանը Վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Աշխարհ, Հայաստան

Շուէտի խորհրդարանը Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Մայիս 2-ին Շուէտի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման վերաբերեալ քննարկում, որուն հրաւիրուած էր դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեանը:

Քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած են խորհրդարանի վեց խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց աջակցութիւնը յայտնած են համաձայնագրի վաւերացման:

Նոյն օրը երեկոյեան խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ՝ 2017թ. Նոյեմբեր 24-ին: Համաձայնագիրը վաւերացուցած են հետեւեալ պետութիւնները՝ Հայաստան, Պուլկարիա, Դանիա, Էսթոնիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Լիթուա, Լաթվիա, Լիւքսեմպուրկ, Մալթա, Լեհաստան, Ռումանիա, Գերմանիա, Ֆինլանտա: