
«Հայ Գաղթականները Յունաստանի Մէջ 1922-1940» Թեմայով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս Յունաստանի Մէջ
«Հայ գաղթականները Յունաստանի մէջ 1922-1940» թեմայով պատմական-վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը կազմակերպուած է Յունաստանի Նէա Զմիռնիի թանգարանին մէջ։ Ցուցադրութեան բացումը պիտի կայանայ Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 31 Մայիս։
Ցուցահանդէսին կազմակերպիչներն են Նէա Զմիռնիի մշակութային հիմնարկն ու «Արմենիքա» պարբերաթերթը։