Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը Ուրացող 25 Հատորնոց Գիրք Կը Պատրաստէ

Աշխարհ

Թուրքիա ծնած եւ հասակ նետած, իսկ այժմ Ուաշինկթըն բնակող լրագրող Ուզայ Պուլութ պահպանողական «Կէյթսթոն» վերլուծական հիմնարկին համար գրած յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ընդունելով պատմական փաստը եւ 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը:

«Այդ ժամանակէն ի վեր Թուրքիոյ իշխանութիւնները կտրուկ կերպով կը հերքեն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է կամ որ թուրքերը զայն իրականացուցած են, պատժելով բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակին այլ կարծիք յայտնել»,- ըստ Tert.am-ի՝ կը գրէ ան:

Այնուհետեւ, ան կը նշէ, որ Անգարայի կառավարութեան հիմնած՝ Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկը կը պատրաստուի հրատարակել 25 հատորնոց գիրք, որուն մէջ պիտի «ապացուցէ, որ Ցեղասպանութեան հետ Թուրքիա կապ չունի»:

Բացի այդ, հիմնարկը նկարահանած է «վաւերագրական» ֆիլմ մը՝ «Հայկական Ապստամբութիւնը Ընդդէմ Օսմանեան Պետութեան. Ահաբեկչութիւն Եւ Քարոզչութիւն», որուն մէջ կը պնդուի, որ 1915-ին հայերը սկսած են  իսլամներու դէմ իրականացնելու «ոճրագործութիւններ», որոնց իբրեւ պատասխան, թուրքերը «վերաբնակեցուցած են» զանոնք: Ըստ ֆիլմին՝ Հայկական Սփիւռքը «սուտեր կը տարածէ այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»:

«Շարունակելով Թուրքիոյ կառավարութեան վարած Ցեղասպանութիւնը հերքելու  քաղաքականութիւնը, երկրին հանրութենէն բազմաթիւ անդամներ կը փորձեն ջնջել հայկական կրօնքի եւ մշակոյթի բոլոր հետքերը»,- կը նշէ լրագրողը՝ յիշեցնելով Պոլսոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վրայ յարձակումները։

«Իսկ այն հայկական եկեղեցիները, որոնց սպասաւորները սպաննուած են կամ տեղահանուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին, անոնք շատ յաճախ թիրախ կը դառնան գանձագողերու: Գանձագողերուն մէկ մասը նոյնիսկ կը նկարահանէ, թէ ինչպէս կը գողնան եկեղեցւոյ գոյքը, եւ պարծենալու համար տեսանիւթերը կը հրապարակեն: Օրինակ, Կարսի մէջ գտնուող պատմական հայկական եկեղեցիներէն մէկը այնքան յաճախ թիրախաւորուած է անոնց կողմէ, որ անոր պատերը քանդուած են»,- կը գրէ Պուլութ:

Այնուհետեւ, ան կը յիշեցնէ Կարսի մէջ հայկական տուներու, ներառեալ՝ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի տան քանդումը:

Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ հայկական համայնքին՝ նշելով, որ ներկայիս հոն 60,000 հայեր կը բնակին եւ թէ լարուած քաղաքական մթնոլորտին ու բռնութեանց պատճառով այդ թիւը կը նուազի: Ան օրինակը կու տայ Թուրքիայէն Եւրոպա տեղափոխած հայու մը, որ նշած է. «Մենք կը փափաքինք, որ մեր երեխան աւելի քաղաքակիրթ պայմաններու մէջ մեծանայ: Վերջին հինգ սերունդներուն համար Թուրքիա խաղաղ վայր չէ եղած եւ անիկա չի կրնար ժամանակակից քաղաքակրթութիւններուն զարգացման մակարդակին հասնիլ եւ հաւանաբար չի ալ հասնիր յառաջիկայ երեսուն տարիներուն»:

Պուլութի համաձայն՝ շարունակելով հերքել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ այդ մէկը ընելով յատկապէս այն ժամանակահատուածին, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ քրիստոնեաները կը հետապնդուին եւ կը սպաննուին, Թուրքիա պիտի մնայ յետամնաց եւ Եւրոպայի մաս կազմելու անարժան երկիր:

Իր անդրադարձը թուրք լրագրողը կ՝աւարտէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը չենք դիտարկեր զուտ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Մենք ատիկա կը տեսնենք ցեղասպանութիւններու համաշխարհային կանխարգելման եւ անվտանգութեան ապահովման ծիրէն ներս, որովհետեւ ակնյայտ է, որ ցեղասպանութիւններու ճանաչումն ու դատապարտումը նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ամենաարդիւնաւէտ գործիքներն են, եւ մենք այս ճանապարհին պէտք է ըլլանք առաւելագոյնս նախաձեռնող»: