Ընկերային Արդարութեան Էական Դերը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

1 Մայիսին համայն մարդկութիւնը կը տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան Միջազգային օրը:

Տօնը կապուած ըլլալով աշխատաւոր մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ, իրականութեան մէջ, մեծ աղերս ունի նաեւ որեւէ երկրի տնտեսական զարգացման ու ընկերային արդարութեան մակարդակին հետ:

Երկրի մը տնտեսական հայեցակարգը եթէ հիմնուի տնտեսական աճի ապահովման, աշխատաւոր դասակարգի պայմաններուն բարելաւման, ընկերային արդարութեան հաստատման վրայ, կը բարելաւուի ոչ միայն աշխատաւոր դասակարգին, այլեւ ողջ հասարակութեան կենսամակարդակը: Սա բնականաբար կրնայ ազդակ հանդիսանալ շատ մը մարտահրաւէրներու դիմագրաւման:

Եթէ աչքի առջեւ ունենանք համաշխարհային մակարդակով երիտասարդ աշխատող մարդուժին գաղթը յատկապէս, կը պարզուի, որ երիտասարդ տարրը կը նախընտրէ գաղթել այնպիսի երկիրներ, ուր ան իր աշխատանքին դիմաց կարելիութիւն կ’ունենայ ստանալու լաւ աշխատավարձք եւ ապահովագրութիւն:

Ուժեղ տնտեսութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պահպանում… ահա այն երեք գլխաւոր երաշխիքները, որոնց ապահովումով կարելի է մեծաւ մասամբ ե՛ւ կասեցնել գաղթը, ե՛ւ զարկ տալ հայրենադարձութեան:

Երկրի մը տնտեսական քաղաքականութիւնը պէտք է երաշխաւորէ բարեկեցութեան նուազագոյն մակարդակի ապահովումը, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի վայելէ իր հիմնական իրաւունքները: Բարեկեցութեան հիմքն ու անհրաժեշտ պայմանը տնտեսական աճն է, քանի որ միայն բարձր արտադրողականութեամբ եւ տնտեսական արժէքի ստեղծումով կարելի կը դառնայ անհատական եւ հասարակական բարեկեցութիւնը:

Տնտեսական աճը, սակայն, բարեկեցութեան անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայման է: Որպէսզի ապահովուի անհատի եւ հասարակութեան բարեկեցութիւնը, անհրաժեշտ է, որ տնտեսական աճի արդիւնքէն օգտուի ողջ հասարակութիւնը, աճը ինքն իր վրայ զգայ իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր ընտանիք:

Սա, անկախ այլ հանգամանքներէ, մեծապէս կրնայ խրախուսել երիտասարդութեան հայրենադարձութիւնը նաեւ:

Նոյնն է պարագան գաղութներէն ներս տիրող գաղթի կացութեան: Որեւէ համայնքի երիտասարդ տարրին գաղթը (այստեղ պահ մը զանց առնենք պատերազմական պայմանները) առաւելաբար թափ կը ստանայ անգործութեան, անբաւարար վարձատրութեան, աշխատանքային պայմաններու ոչ խրախուսիչ պատկերին եւ ընկերային անարդարութեան առկայ վիճակէն:

Դժուար իրականանալի ծրագիր մը չէ, օրինակ, գաղութներու մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար աշխատանքի նոր դաշտեր ստեղծելն ու աշխատող ուժը լաւապէս վարձատրելը ՝ օգտուելու անոր իսկ մասնագիտական փորձառութենէն ու բարելաւելու գաղութներու տնտեսական կեանքն անգամ: Նոյնքան դժուար չէ ազգային ու միութենական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան աշխատանքային իրավիճակին ու պայմաններուն բարելաւումը, իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Սա երբեմն, ցաւօք, բեռ կը սեպեն կարգ մը պատասխանատու մարմիններ՝ առանց մտածելու որ աշխատանքային լաւ պայմաններու բացակայութեան կարելի չէ ներգրաւել գործուն տարրեր ու զանոնք մղել աշխատանքի կատարելագործման:

Էականը ծրագրեալ աշխատանքի լծուիլն ու աշխատող մարդուժը պահպանելու եւ զարգացնելու ռազմավարութեան մշակումն է: Այլապէս, ամէն բան արտաքին ազդակներու ազդեցութեան վերագրելով, ձեռնածալ ականատեսները պիտի ըլլանք գաղութներէն ներս եւս հետզհետէ աճող գաղթի երեւոյթին: