ԵԽ Խօսքի Ազատութեան Զեկոյցը Հայաստանին Կոչ Կ՝ընէ Փոփոխութեան Ենթարկելու Ատելութեան Խօսքի Հետ Կապուած Օրէնքները

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի Խորհրդը հրապարակած է Եւրոպայի մէջ ազատ արտայայտման 2018-ի զեկոյցը։

Հրապարակուած զեկոյցին մէջ կը նկարագրուի 2018-ին Եւրոպայի մէջ արտայայտուելու ազատութեան հիմնական վտանգները եւ այն գործողութիւնները, որոնք կառավարութիւնները պէտք է, իբրեւ առաջնային խնդիր, իրականացնեն հակազդելու համար։ Այս մասին կը յայտնէ Panorama.am-ը:

Զեկոյցը մտահոգութիւն կը յայտնէ լրագրողներու նկատմամբ բռնութիւններու աճին վերաբերեալ եւ կը յիշեցնէ առնուազն երկու լրագրողի սպանութիւններու դէպքերը, որոնք կ՝ուսումնասիրէին կաշառակերութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէպքերը։

Մտահոգիչ կը համարուի որոշ երկիրներու մէջ ՀԿ-ներու նկատմամբ յաճախակիացած յարձակումներն ու սահմանափակող օրէնսդրութիւնը, ապատեղեկատւութեան տարածումը լրատուամիջոցներով, եւ իբրեւ թուային յեղափոխութեան բացասական ազդեցութիւն կը նշուի որակական եւ հետաքննական լրագրութեան ֆինանսական կենսունակութեան անկումը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Վենետիկի յանձնաժողովը առաջարկներ ներկայացուցած է քանի մը երկրի, նաեւ Հայաստանին, որպէսզի անոնք փոփոխութեան ենթարկեն կամ վերացնեն ատելութեան խօսքի վերաբերեալ անորոշ կամ չափազանց լղոզուած օրէնքներն ու նախագիծերը։ Առաջարկները, ի թիւս այլի, կը ներառեն խտրականութեան անուղղակի կոչեր, կրօնական ծայրայեղութիւն կամ հալածանքի ձեւերու քրէականացում, որոնք բաւականաչափ չեն տարբերիր ատելութեան խօսքէն ու պարզապէս վիրաւորական արտայայտութենէն։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի գործողութիւններու հինգ ուղղութիւն, որոնք կը պահանջեն Եւրոպայի խորհուրդի եւ անոր անդամ 47 երկրի յատուկ ուշադրութիւնը: Այս առաջնահերթութիւնները կը ներառեն լրագրողներու արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը բռնութենէն, հաւաստիացում, որ հակաահաբեկչական քայլերը չեն չարաշահուիր՝ սահմանափակելով մամուլի ազատութիւնը, հանրային լրատուամիջոցներու, որակեալ ու հետաքննական լրագրութեան պաշտպանութիւնը:

Բացի այդ, պետութիւնները պէտք է աշխուժացնեն իրենց ջանքերը՝ ստեղծելու յստակ իրաւական դաշտ, որ կը վերաբերի համացանցային միջնորդներու պարտականութիւններուն՝ խօսքի ազատութեան հետ կապուած, եւ ապահովելու, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախադէպային իրաւունքը հետեւողականօրէն ներգրաւուած ըլլայ ազգային դատական եւ կարգաւորիչ համակարգերու մէջ:

Զեկոյցով կ՝ընդգծուի, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վերահսկողութիւնը կը շարունակէ մնալ կարեւոր գործիք, ապահովելու համար, որ ազգային օրէնսդրութիւնն ու փորձը համապատասխանեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրով սահմանուած չափանիշներուն: Կը նշուի, որ ՄԻԵԴ-ը 2018-ին հրապարակած է աւելի քան 70 դատական ակտ արտայայտուելու ազատութեան գործերով՝ արձանագրելով խախտումներ մօտաւորապէս երկու երրորդի պարագային: