ՀՀ Վարչապետը Կարեւոր կը Համար է ԵԱՏՄ Ծիրէն Ներս Ներքին Զբօսաշրջութեան Ներուժի Լիարժէք Օգտագործումը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ Եւրասիական տնտեսական միութեան արտաքին տնտեսական կապերու զանազանութեան եւ պատրաստ է բոլոր հնարաւոր ջանքերը գործադրելու ազատ առեւտուրի համաձայնագրերու աշխարհագրութեան ընդլայնման եւ նոր գործընկերութիւններու որոնման ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած նիստին ընթացքին ունեցած իր ելոյթով:

«Ընդելուզման այլ առաջնահերթութիւններու մէջ կ՝ուզեմ նշել Եւրասիական փոխադրամիջոցային ենթակառուցուածքի զարգացումը եւ զանազանութիւնը, ինչպէս նաեւ մատչելիութեան մակարդակի բարձրացումը, ելեւմտական ծառայութիւններու աճը եւ կայունութիւնը եւ այս շուկային մէջ մրցակցութեան զարգացումը: Կարեւոր է նաեւ օրինաչափական-իրաւական հիմքի բարելաւումը, որ կ՝ապահովէ անդամ պետութիւններու՝ աշխատանքային գործունէութեամբ զբաղող եւ մեր երկիրներու տնտեսութիւններու զարգացման նպաստող քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու արդիւնաւէտ իրականացումը»,- ըսած է վարչապետը:

ՀՀ վարչապետը կարեւոր կը համարէ միութեան ծիրէն ներս ներքին զբօսաշրջութեան ներուժի լիարժէք օգտագործումը:

Երեւանի մէջ, Ապրիլ 30-ին, աշխատանքը սկսած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը, որ նախ գումարուած է նեղ կազմով, ապա՝ ընդլայնուած: Նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած է 13 հարց: ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են Խրխըզիստանի Հանրապետութեան վարչապետ Մուհամետքալի Ապիլկազիեւը, Պելառուսիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Սերգէյ Ռումասը, Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը, Ղազախստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ասքար Մամինը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանը: