Հայաստան Կ՛արժեւորէ Փորթուկալի Խորհրդարանին Արտայայտած Դիրքորոշումը․ ԱԳՆ

Հայաստան

 «Հայաստան կ՛արժեւորէ Փորթուկալի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արտայայտուած դիրքորոշումը եւ երախտապարտ է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն հասցէագրուող ցաւակցութիւններուն համար»,-ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Համաձայն ենք, որ յիշողութիւնը ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու պաշտպանութեան կարեւոր տարրն է»:

Փորթուկալի խորհրդարանը Ապրիլ 26-ին ընդունած է բանաձեւ` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 1915֊ի Ապրիլ 24֊ին երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով բանտարկուած, ապա սպաննուած են շուրջ 250 հայ մտաւորականներ եւ հասարակական առաջնորդներ: Կ՛արձանագրուի, որ 800 հազարէն մինչեւ 1.5 միլիոն հայեր ցեղասպանութեան զոհ դարձած են:

«Օսմանեան իշխանութեան կողմէ հայերու համակարգուած բնաջնջումը պատմաբաններու, միջազգային հանրութեան կողմէ կը համարուի 20֊րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ: