
Ամերիկահայ Գործարարը Կը Նախատեսէ Արցախի Մէջ Պիստակի Այգիներ Հիմնել
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 29-ին ընդունած է ամերիկահայ գործարար Յովիկ Տէր Աշոտեանը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ շարք մը ներդրումային ծրագիրներու առնչուող հարցեր:
«Կը նախատեսենք Արցախի մէջ հիմնել պիստակի այգիներ: Ան մեծ պահանջարկ ունի։ Պիստակը կը համարուի աշխարհի ամենաթանկ բերքը: Արցախի մէջ կան բոլոր նախադրեալները, որպէսզի սկսինք այդ ծրագիրը, որովհետեւ այստեղի հողը բաւական հարուստ է սննդատարերով: Եթէ մենք կարենանք այդ ծրագիրը իրականացնել, կ՛ունենանք մեծ եկամուտ: Ներկայիս Արցախի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն նուռի, արքայախնձորի, խաղողի այգիներու հիմնելուն, բայց շատ լաւ պիտի ըլլայ, որ այլ մրգատու ծառերու այգիներ եւս տնկուին. անոնք աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլան»,- ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է Յովիկ Տէր Աշոտեան: