Հայ Գեղեցկուհին Յաղթած Է Լոնտոնի ՄԷջ Տեղի ունեցած «Միսս ԽՍՀՄ» Գեղեցկութեան Մրցոյթին
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է MISS USSR UK 2019 գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն կը մասնակցին գեղեցկուհիներ նախկին խորհրդային երկիրներէն:
Ինչպէս կը հաղորդուի մրցոյթի ինսթակրամի էջին վրայ, մրցոյթին յաղթած է Հայաստանի ներկայացուցիչ 18-ամեայ Անժելինա Չաբանեան: Ան արժանացած է նաեւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին:
Երկրորդ տեղը գրաւած է Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Քսենիա Օչերեդկոն, իսկ երրորդը՝ Ղազախստանը ներկայացնող Լաուրա Մուխտարը:
Անժելինա Չաբանեան ծնունդով Պելառուսէն է, 15 տարեկանէն կ՛ուսանի Անգլիոյ մէջ։
