Հայաստանի ՄԻՊ-ին Անկախութեան ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքի Ամենաբարձր «A» Միջազգային Կարգավիճակ Պիտի Շնորհուի
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 2018 թուականի ու անոր նախորդող քանի մը տարիներու գործունէութիւնը ենթարկուած է միջազգային վերանայման՝ ՄԱԿ-ի փարիզեան սկզբունքներով սահմանուած մարդու իրաւունքներու ազգային ուսումնարաններուն առաջադրուող անկախութեան պահանջներուն համապատասխանութեան տեսանկիւնէ: Ըստ պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութեան՝ այդ վերանայման իբրեւ արդիւնք՝ առաջարկուած է հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան շնորհել ամենաբարձր «A» միջազգային հեղինակաւոր կարգավիճակը։
Մակի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի քարտուղարութեամբ գործող մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու համաշխարհային միաւորման անկախ յանձնախումբին կողմէ այս բարձր կարգավիճակի հաստատումը կը վկայէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի լիարժէք անկախութեան, վստահելիութեան ու արդիւնաւէտ աշխատանքի մասին։
«A» կարգավիճակը մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութեան իրաւունք կը վերապահէ մասնակցելու միջազգային կառոյցներու, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի աշխատանքներուն եւ որոշումներու կայացման, հանդէս գալու յատուկ ելոյթներով, օգտուելու միջազգային համապատասխան կառոյցներու ղեկավար մարմիններու մէջ ընտրուելու եւ այդ մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան իրաւունքէն։
Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու անկախութեան կարգավիճակը ողջ աշխարհի մէջ այս կառուցակազմով կը գնահատուի յուրաքանչիւր 5 տարին մէկ անգամ։ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այս կարգավիճակով օժտուած է 2006 թուականէն սկսեալ:
