Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Իտալիա Մեկնեցաւ

Աշխարհ, Հայաստան

Ապրիլ 25-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար քարտինալ Փիետրօ Փարոլինի հրաւէրով՝ մեկնեցաւ Ֆլորենսիա (Իտալիա)` մասնակցելու «Կրօններու փառատօն» արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռէն։

Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Ֆլորենսիայի Սուրբ Մինաս տաճարին մէջ հանդէս պիտի գայ յատուկ բանախօսութեամբ «Կրօններուն դերը արդի աշխարհին մէջ» թեմայով:

Նորին Սրբութեան կ՝ուղեկցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը եւ Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Անանիա աբեղայ Ծատուրեանը: