Փաշինեան Էրտողանի Ելոյթը Ծայրայեղ Ատելութեան Խօսք Անուանած է եւ Կոչ Ըրած է Միջազգային Հանրութեան Չլռելու
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 24-ի ելոյթը անուանած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման նոր մակարդակ եւ «ազգի սպանդի արդարացում»: Հայաստանի ղեկավարը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է արձագանգելու Թուրքիոյ նախագահի ատելութեան խօսքին: Փաշինեան արձագանգած է էրտողանի ապրիլքսանչորսեան ելոյթին. յիշատակի օր, երբ աշխարհասփիւռ հայերը յարգանքի տուրք կը մատուցէին Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին, սակայն Թուրքիոյ ղեկավարը կրկին կը հերքէր 20-րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւնը եւ զայն կ՛անուանէր «1915 թուականի հայերու տեղահանութիւն»:
«Օսմանեան կայսրութեան ողջ հայ բնակչութեան, որ դատապարտուեցաւ զանգուածային սպանդի ու մահուան երթերու, «հայ հրոսակներ ու անոնց աջակիցներ» անուանելը, 1.5 միլիոն մարդ սպաննելն ու ատիկա «ամենատրամաբանական վարքագիծ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլեւ` ողջ ազգի մը սպանդի արդարացում»,- գրած է վարչապետ Փաշինեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
«Ամէնէն առաջ` Ապրիլ 24-ին այդպիսի յայտարարութիւնը հայ ժողովուրդին եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ խորին վիրաւորանք է եւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք անձամբ Էրտողանի կողմէ: Աշխարհը պէտք է չլռէ», աւելցուցած է Փաշինեան։
