 
		Վերահաստատենք, Որ Երբեք Պիտի ՉՄոռնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ
Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի նահանգապետ Քեւին Նիւսոմ: Ան յատկապէս ըսած է․
«Եկէք վերահաստատենք, որ մենք երբեք պիտի չմոռանանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միշտ հանդէս պիտի գանք ատելութեան եւ չարագործութիւններու դէմ, ուր ալ որ ատոնք պատահին»:
Գրութեան կից ան հրապարակած է իր ստորագրած հռչակագիրը, որով 2019 թուականի Ապրիլ 24-ը Քալիֆորնիոյ մէջ հռչակուած է որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
Ապրիլ 24-ին ԱՄՆ հայկական համայնքի տասյնակ հազարաւոր ներկայացուցիչներ մասնակցալ են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու պահանջով բողոքի քայլերթին, որուն յաջորդած է Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին մօտ բողոքի ցոյցը: Քայլերթին մասնակցած են ԱՄՆ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիկ Գարսետին, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Կորեց:
