Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Լեարդի Փոխպատուաստում Կատարուած է
Հայաստանի առողջապահութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կատարուած է կենդանի նուիրատուէ (donor) լեարդի փոխպատուաստում, ըստ “Արմենփրես”-ի՝ յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան կառավարութեան Ապրիլ 25-ի նիստի ժամանակ։
«Երէկ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում կենդանի նուիրատուէն մէկ ուրիշին․ աղջիկէն տրուած է մօրը: Լեարդէն կտոր մը կը վերցուի եւ կը փոխպատուաստուի մէկ այլ մարդու, որուն լեարդը չ՛աշխատիր` կեանքը փրկելու յոյս տալով անոր: Վիրահատութիւնը կատարուած է «Աստղիկ» հիւանդանոցին մէջ, մեր ռուս գործընկերներու օգնութեամբ, մեր Առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ մենք այդ ուղղութիւնը պիտի զարգացնենք: Երիկամի փոխպատուաստման կարիք ունեցող շատ հիւնադներ ունինք, ինչպէս նաեւ լեարդի»,- ըսած է նախարար Թորոսեան:
Ան աւելցուցած է, որ կը նախատեսուի յաջորդ տարուան ամավարկով գումար նախատեսել նաեւ երիկամի ու լեարդի փոխպատուաստումներու համար:
«Յաջորդ տարուան ամավարկին մէջ կը ծրագրենք ատոր համար գումար նախատեսել, որպէսզի մեր քաղաքացիներուն կարենանք գոնէ որոշ չափով աջակցիլ, որովհետեւ այդ փոխպատուաստումները կը տատանին 100 հազար տոլարի շուրջ», նշած է նախարարը:
