“Արիւնս Հայրենիքիս” Խորագիրով Արեան Տուչութեան Մասնակցեցաւ 104 Հալէպահայ Երիտասարդ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ.Արք. Սարգիսեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ՀԵՄ-ի կազամակերպած “Արիւնս Հայրենիքիս” խորագիրով արեան տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:

Յաւարտ ծաղկեմատոյցի արարողութեան,
հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վանենի Մինասեան, իսկ արաբերէնով` Արամ Աւագեան։ Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշքարեան:

Այնուհետու տեղի ունեցաւ արեան տուչութիւն։
104 հայորդիներ, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Սուրիոյ ժողովուրդին՝ առ ի երախտագիտութիւն եւ յարգանք հայ եւ սուրիացի նահատակներուն։