1915-ին Տեղի Ունեցածը 20-րդ Դարու Խոշորագոյն Վայրագութիւններէն է. Լին Թրէյսի
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի ժխտեր պատմական իրողութիւնը եւ այն, որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, 20-րդ դարու խոշորագոյն վայրագութիւններէն մէկն է: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի:
«Միացեալ Նահանգները այս պատմական դէպքերը, պատմական իրողութիւնը չի ժխտեր եւ այն, որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, 20-րդ դարու խոշորագոյն վայրագութիւններէն մէկն է: Մեզի կը շարունակէ ոգեւորել այն տոկունութիւնը, որ մենք կը տեսնենք հայ ժողովուրդին մէջ»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է դեսպանը:
Լին Թրէյսին ընդգծած է, որ ԱՄՆ երախտապարտ է բոլոր այն ամերիկահայերուն, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու կեանքին մէջ: «Այսօր յիշատակի օր է, եւ մենք կարեւոր կը համարենք նաեւ այն, որ պէտք է ներշնչուինք հայ ժողովուրդի խիզախ զաւակներով, որոնք կրցան շարունակել իրենց կեանքը»,- նշած է ան:
