Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Շարունակեց Թրքական Ժխտողականութիւնը
Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հերթական անգամ ի ցոյց ողջ աշխարհին առաջ տարաւ թրքական պատմագիտական-դիւանագիտական սուտը ու հերքեց հայերու դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին, իր ելոյթին մէջ Էրտողան, անդրադառնալով Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն կատարուածին, յայտարարած է, թէ հայերը կոտորած են իսլամ կիներն ու երեխաները, ու նման պայմաններու մէջ «հայ հրոսակներուն ու անոնց աջակիցներուն աքսորելը ամենատրամաբանական վարքագիծը եղած է»:
Չհեռանալով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ցուցաբերուող աւանդական թրքական ժխտողականութենէն` Էրտողան յայտարարած է, որ իրենց արխիւներուն մէջ կան մեծ թիւով փաստական տուեալներ, եւ այդ տուեալները նախ հետազօտողները պէտք է ուսումնասիրեն, եւ ատկէ ետք միայն քաղաքական գործիչները հանդէս գան յայտարարութիւններով:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դիրքորոշման` Էրդողան ըսած է. «Բոլոր անոնց, որոնք հայկական հարցի շուրջ կը փորձեն մեզի մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ դաս տալ, ամէն անգամ ստիպուած ենք յիշեցնել անոնց արիւնոտ անցեալը»:
Ապրիլ 24-ին` Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին Թուրքիոյ առաջնորդին կողմէ նման յայտարարութիւններ ընելը կը վկայ, որ Թուրքիան կը շարունակէ հետեւողականօրէն ժխտել պատմական անհերքելի փաստերը եւ սեփական անցեալը ուրանալ: Պետական մակարդակով հնչեցող նման յայտարարութիւնները ոչ միայն լոյս չեն սփռեր այդ երկրի պատմութեան ամենամութ էջերուն վրայ, այլեւ կը շարունակեն գալիք սերունդներուն մէջ նոր թշնամանք ներարկել հայերուն դէմ:
